2010-11-13 12:30:51

Հայր Թովմասի քարոզը


Ղուկաս 9, 44-50

Սիրելի Ունկնդիրներ,

Այսօրուայ Աւետարանը մեզի կը խօսի խոնարհութեան մասին։ Խոնարհութիւնը աւետարանական մէկ առաքինութիւն մըն է, որուն անմիջական իբր ազգական կրնանք յիշել համեստութիւնը։
Երբ Յիսուս կը լսէ որ իր առաքեալները կը վիճաբանէին թէ իրենցմէ ամէնէն մէծը ով էր, կը զայրանայ, որովհետեւ կ՚անդրադառնայ որ անոնք տակաւին աշխարհային մտահոգութիւններէ տարուած էին եւ աւետարանական հոգիով տակաւին թրծուած չէին. անոնց պատասխանելու համար, Յիսուս կՙառնէ մանուկ մը, իր քովը կը կեցնէ եւ կ՚ըսէ անոնց.­ ՙՈվ որ իմ անունովս այսպիսի մանուկ մը կ՚ընդունի, զիս կ՚ընդունի եւ ով որ զիս կ՚ընդունի, կ՚ընդունի Ան որ զիս ղրկեց, որովհետեւ ով որ ձեր մէջ ամէնէն փոքրն է, ան է մեծը՛։
Աշխարհի օրէնքով ամէնէն մեծերը անոնք էն որ ամէնէն հարուստ կամ ամէնէն շատ հզօրներն են։ Ոչ այսպէս Աւետարանին համար։ Յիսուս կը յայտնէ թէ ով որ ուզէ ամէնէն մեծը ըլլալ, պէտք է որ ըլլայ ամէնէն փոքրը։
Աստուած կը սիրէ անոնք որոնք իրենց գործը խոնարհաբար կը կատարեն։ Ինչպէս այրի կինը` որ խոնարհաբար իր փոքր գումարը զետեղած էր Տաճարի գանձանակին մէջ Յիսուսի ուշադրութիւնը գրաւած էր, այնպէս ալ Աստուած կը գնահատէ մեր գործերը որքան ալ որ փոքր ըլլան անոնք, ամէն անգամ որ զանոնք խոնարհաբար եւ սիրով կատարենք։

Հայր Թովմաս Կարապետեան







All the contents on this site are copyrighted ©.