2010-11-13 12:30:32

Լոյս տեսաւ Առաքելական Յորդարագիր Մը Որ Կը Ներփակէ Եպիսկոպոսական 12րդ Սիւնոդոսի Պտուղները Նուիրուած ''Աստուծոյ Խօսքը Եկեղեցւոյ Կեանքի Ու Առաքելութեան Մէջ'' Նիւթին Մասին։
Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կ'ընդգծէ Հարկաւորութիւնը Ճանչնալու Աստուծոյ Խօսքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի ''Աստուծոյ խօսքը'' կոչուած առաքելական յորդորագիրը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը Եկեղեցւոյ համար քարոզելու եւ ճանչցնելու Աստուծոյ խօսքը աշխարհականացած ընկերութեան ի տես։ Երկարաշունչ յորդորագիրը, 11 նոյեմբերին լոյս տեսաւ, երկու տարի վերջ ''Աստուծոոյ խօսքը'' նիւթով եպիսկոպոսական սիւնոդոսին։
200 էջնոց վաւերաթուղթը կը հրաւիրէ կղերն ու աշխարհականները ճանչնալու՝ Աստուծոյ խօսքին կեդրոնականութիւնը քրիստոնեայի կեանքին համար։
Վերամօտեցումը Աստուծոյ խօսքին, պիտի ծառայէ նոր աւետարանութիւն կատարելու, այն երկիրներու մէջ ուր ՜՜Աւետարանը մոռցուած է՝՝ ընկերութեան աշխարահականացումի հետեւանքով։
Մէկ խօսքով ''Աստուծոյ խօսքը'' կոչուած առաքելական յորդորագիրը կ՝ընդգծէ անհրաժեշտութիւնը ճանչնալու եւ դարձեալ քարոզելու Աւետարանը։
Նորին Սրբութիւնը կը խրախուսէ հաւատացեալները որ օգտագործեն բոլոր ազդեցիկ միջոցները բացայայտօրէն հռչակելու Աստուծոյ խօսքը, նոյնիսկ ի գին հալածանքի ։ Սրբազան Հայրը կը յիշեցնէ թէ՝ Եկեղեցին բոլոր դարերու հոլովոյթին կը շարունակէ բարձրացնել իր ձայնը որպէսզի ազգերու կառավարիչները բոլորին երաշխաւորեն խիղճի եւ կրօնի ազատութիւն, ինչպէս նաեւ հաւատացեալը կարողանայ հրապարակաւ վկայութիւն տալ իր հաւատքին։
Քարոզութիւնը - Գործնական գետնի վրայ Նորին Սրբութիւնը կը խնդրէ որ ծիսակատարութիւններուն ընթացքին քարոզը կեդրոնացուի օրուան Ս. Գրային ընթերցումներու մեկնաբանութեան ու եկեղեցական երգերը բացայայտօրէն ներշնչուած ըլլան Ս. Գիրքէն ու Եկեղեցւոյ աւանդութենէն։
Միջկրօնական երկխօսութիւնը - Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս կը վերահաստատէ կարեւորութիւնը ՜՜երկխօսութեան՝՝ հրեաներու հետ։ Իսկ իսլամներու հետ կը խնդրէ որ զարգացուին կապերն ու վստահութիւնը։ Այդ ուղղութեամբ Նորին սրբութիւնը կը քաջալերէ խորացումը՝ հետեւեալ նիւթերու. ՜՜կեանքի յարգանքը, այրերու ու կիներու իրաւունքը ու հաւասար արժանաւորութիւնը՝՝։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը կը շեշտէ Ս. Գիրքի մեկնաբանութեան կարեւորութիւնը, դիմագրաւելու՝ աղանդներու շարժումները որոնք կ'այլասեռեն անոր իմաստը, ու կը շահագործեն Աստուածաշունչը իրենց յետին նպատակներու համար։ Հուսկ Սրբազան Հայրը կը մերժէ այսպէս ըսուած Քրիստոսի ամէն անհատական յայտնութիւնը, հաստատելով թէ ոչ մէկ նոր յայտնութիւն կարելի է ընդունիլ Աստուածաշունչէն դուրս։
Նշենք թէ ''Աստուծոյ խօսքը'' կոչուած առաքելական յորդորագիրը կը կրէ 30 սեպտեմբերի թուականը` տօնը սուրբ Յերոմոսին (347-420) ճանցուած՝ որպէս թարգմանիչը Աստուածաշունչին, լատիներէն լեզուով։ 2008ի Հոկտեմբեր 5-26ը Նորին Սրբութիւնը նախագահած է եպիսկոպոսներու սիւնոդոսը նուիրուած Աստուծոյ խօսքին, մասնակցութեամբ 250 հայրերու եւ շուրջ 80 Ս. Գիրքի մասնագէտներու եւ ունկնդիրներու







All the contents on this site are copyrighted ©.