2010-11-13 12:21:08

«Հայ - Ռուսական Ռազմավարական Գործընկերութիւնը ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 11-ին իր նստավայրին մէջ ընդունեց Հայաստանի Ազգային ժողովի եւ Ռուսիոյ Դաշնակցային ժողովի միջեւ համագործակցութեան միջ-խորհրդարանական յանձնախումբին պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ յանձնախումբի համանախագահներ, Հայաստանի Ազգային հերոս, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անդամ Նիքոլայ Ռիժքովի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արամ Սաֆարեանի։
Նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Հայաստան կը գնահատէ եւ երախտագիտութեամբ կը վերաբերի իր բարեկամներուն, անոնց շարքին ներառելով Ռուսիոյ պետական տումայի ԱՊՀ-ի եւ հայրենակիցներու հետ կապերու հարցերով յանձնախումբի նախագահի առաջին տեղակալ՝ Քոնսթանթին Զատուլինը։ Նախագահը պարեւատրեց Զատուլին-ը Պատուոյ շքանշանով՝ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համագործակցութեան խորացման, ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութեան ամրապնդման եւ զարգացման գործին մէջ ներդրած նշանակալի աւանդին համար։ Հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեան ըսաւ, որ ամուր հիմքերու վրայ գտնուող հայ-ռուսական ռազմավարական գործընկերութիւնը վստահօրէն կը զարգանայ, եւ երկկողմանի կապերու սերտացման գործին մէջ կարեւոր դեր ունի նաեւ միջ-խորհրդարանական համագործակցութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.