2010-11-12 13:07:58

Պոլսոյ Ժամանակ Օրաթերթի Հիմնադրութեան 100-ամեակին Նշում՝ Մխիթարեան Վարժարանի Սրահին Մէջ։


Կազմակերպութեամբ՝ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարանին, վերջերս սոյն վարժարանի սրահին մէջ նշուեցաւ ՜՜Ժամանակ՝՝ օրաթերթի հիմնադրութեան 100-ամեակը, որուն ներկայ գտնուեցան թերթի խմբագիրներ՝ Արա Գոչունեան եւ Սեւան Տէյիրմենճեան։ Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Եւա Օրագեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց թերթի յոբելեանը վարժարանին մէջ տօնելու համար։ Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Դարադարձի հերոսը խորագրեալ վաւերագրական տեսաերիզը, զոր Սեւան Աթաօղլու նկարահանած էր ՜՜Ժամանակի հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գոչունեանին՝՝ համար՝ անոր Ս. Էջմիածնի կողմէ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանին արժանանալուն առիթով։
Այնուհետեւ Արա Գոչունեան խօսք առնելով՝ յայտնեց իր շնորհակալութիւնը ընձեռուած առիթին համար եւ անդրադարձաւ թերթի յոբելեանին առիթով տարուած աշխատանքներուն։ Իր կարգին Սեւան Տէյիրմենճեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Միսաք Գոչունեանի՝ իր կողմէ խմբագրուած Կեանքի տեսարաններ գիրքին վերաբերեալ։ Այնուհետեւ աշակերտները հարցումներ ուղղեցին բանախօսներուն։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Յակոբոս վրդ Չոփուրեան, որ գնահատեց թերթին աւելի քան 100-ամեայ երթը՝ շեշտելով, որ ասիկա մրցանիշ մըն է մամլոյ պատմութեան մէջ։ Ապա 2 աշակերտներ յուշանուէրներ յանձնեցին օրուան բանախօսներուն։







All the contents on this site are copyrighted ©.