Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Հրաւիրէ Իտալացի Եպիսկոպոսները Արժէքաւորելու Ծէսը ։
Իտալիոյ եպիսկոպոսական ընդհանուր ժողովին առթիւ, որ գումարուեցաւ Իտալիոյ Ասիզի քաղաքը,
Սրբազան Հայրը պատգամ մը ուղղած է ժողովականներուն, որով կը խրախուսէ իտալացի եպիսկոպոսները,
արժէքաւորելու ծիսակատարութիւնը որպէս դաստիարակութեան մշտատեւ աղբիւր, լաւագոյնս հասկնալու
Աւետարանը։ Ծէսը, կը կարդանք Նորին Սրբութեան պատգամին մէջ, կը սորվեցնէ ողջ կերպով
մասնակցիլ եւ ապրիլ խորհուրդները։ Հարկաւոր է հաւասարակշռութիւն մը պահել ծիսական աւանդութեան
ու նորութեան միջեւ, որովհետեւ ճշմարիտ բարենորոգիչ մը կամայականօրէն չի գործեր քանի
որ համայն Եկեղեցին ներկայ է ամէն մէկ ծիսակատարութեան մէջ։