2010-11-12 07:53:46

Պաղտատի Օգնական Տիրամօր Ասորական եկեղեցւոյ դէմ Ոճրագործական Արարքը.


Գրիգոր Գ. Պատրիարքի Համաձայն՝ Անիկա Բարբարոսական Անասելի Մարդասպանութիւն Է։
Յոյն մելքիթներու պատրիարքը` Գրիգոր Գ. խստիւ դատապարտած է Պաղտատի ՜՜Օգնական Տիրամօր՝՝ նուիրուած՝ ասորական եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած արիւնալի ու տմարդի ոճրագործութիւնը, զայն որակելով անասելի ու բարբարոսական մարդասպանութիւն։
Այս ահաբեկչութեան նպատակն է, կործանել բարի կամքը բոլոր անոնց որոնք կ'աշխատին կամուրջներ հաստատելու մշակոյթներու միջեւ, միջկրօնական երկխօսութեան արի հերոսներուն եւ Միջին Արեւելքի սիւնոդհոսական Հայրերու լաւատեսութիւնը։ Պատրիարքը Իրաքի եւ արաբական երկիրներու մահմետականները կը նկատէ, պատասխանատուները քրիստոնեաներու անվտանգութեան, քանի անոնց ձեռքն է իշխանութիւնը, բանակը եւ ոստիկանութիւնը։
Ան կ'ընդգծէ ըսելով՝ եթէ քրիստոնեաները խաղաղասէր են, հայրենասէր, վստահելի, հաւատարիմ իրենց հայրենիքին ու երկրին, միաժամանակ անոնք հանդրժող ու ներողամիտ են, սակայն, անոնք սպանդանոցի սահմանուած ոչխարներ չեն կրօնամոլ ահաբեկիչներու ձեռքերուն մէջ։ Քրիստոնեաները միշտ եղած են կերտիչներ արժէքներու, ազգերու եւ մշակոյթներու, որնցմէ մին իսլամական մշակոյթը։
Գրիգոր Գ. պատրիարքը կ'եզրափակէ ըսելով. ՜՜ սիրեցեալ արաբ մահմետական եւ քրիստոնեայ եղբայրներ, որդեգրենք իրազիրար միացնող ընթացք մը եւ միասնաբար գործենք կերտելու՝ լաւագոյն ապագայ մը մեզի համար, մեր զաւակներուն համար եւ մեր հայրենակիցներուն համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.