2010-11-12 13:09:50

Ծերակուտական Ճոն Քերրի Անգարայի Մէջ Յայտարարեց «Այս Տարի Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Շատ Աւելի Աջակիցներ Պիտի Ունենայ՝՝։


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ճոն Քերրի վերջերս Անգարայի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարած է, որ այս տարի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւը աւելի մեծ աջակցութիւն պիտի գտնէ։Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին առնչութեամբ այս տարի Թուրքիոյ գործը աւելի դժուար պիտի ըլլայ։ Չեմ կրնար գիտնալ, թէ ի՛նչ զարգացումներ տեղի պիտի ունենան, սակայն Ցեղասպանութեան բանաձեւը այս տարի շատ աւելի աջակիցներ պիտի ունենայ (յայտարարած է Ճոն Քերրի) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.