2010-11-12 08:00:15

Իրաքի գաղթականներու օժանդակման նոր ծրագիր


Հոկտեմբեր 23-ին Գանատայի քաղաքացիական եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քէնի յայտարարեց թէ Գանատայի կառավարութիւնը երկու տարիով այսինքն մինչեւ 2013 կիսուն պիտի երկարաձգէ Իրաքի գաղթականներու օժանդակման գծով նախապէս մշակուած ծրագրի գործադրութիւնը, ուր կ'արտօնէ եկեղեցիներուն եւ զանազան բարեսիրական կազմակերպութիւններու երաշխաւորութիւն Իրաքի այն գաղթականներուն որոնք այժմ կը գտնուին Սուրիա, Լիբանան եւ Յորդանան։
Կ'արժէ յիշել, որ 2009-ի Փետրուարին նախարար Քէնին յայտարարած էր որ Իրաքի գաղթականներու private sponsorship-ի թիւը տարեկան դրութեամբ պիտի բարձրացնէ 1200-էն 2500-ի։
Նախարար Ճէյսըն Քէնի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը հանրութեան սեփականութիւն դարձուց քաղաքացիական եւ ներաղթի նախարարութեան Էթօպիքօ Թորոնթոյի րասենեակին մէջ ներկայութեամբ մամուլի, եկեղեցիներու, բարեսիրական կազմակերպութիւններու եւ փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներկայ էին նաեւ Հայ կեդրոնի Իրաքի գաղթականներու օժանդակութեան մարմնի ներկայացուցիչները։
Հաւաքի սկիզբը քաղաքացիութեան դատաւոր Արիս Պապիկեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շեշտեց թէ Գանատացիները պէտք է հպարտ ըլլան, Գանատայի կառավարութեան ցուցաբերած քաղաքականութեամբ գաղթականներու առնչութեամբ։
Ան, ներկաներուն ծանօթացուց նախարար Քէնին որպէս պաշտպանը բոլոր այն անհատներուն եւ փոքրամասնութիւններուն որոնք ենթարկուած են հալածանքի եւ մարդկային իրաւանց խախտումի։
Այս առիթով հարկ է նշել եւ Գանատահայութեան ուշադրութեան յանձնել թէ Թորոնթոյի Հայ կեդրոնը կնքած է համաձայնագիր մը Գանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարարութեան հետ Private Sponsorship Agreement Holder) օգնելու բոլոր Գանատահայ ընտանիքներուն որոնք կը փափաքին երաշխաւորել իրենց հարազատները որ այժմ կապրին Իրաքէն դուրս։







All the contents on this site are copyrighted ©.