2010-11-12 13:32:43

Բարեսիրական Ճաշկերոյթ Ի Նպաստ Կարտինալ Աղաճանեանի Տան


Պէյրութ-Լիբանան
Հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ՝ Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին, Չորեքշաբթի, 10 նոյեմբերին, Պէյրութի Le Royal հիւրանոցին մէջ տեղի ունեցաւ Կարդինալ Աղաճանեանի Տան Հոգատար մարմնին բարեսիրական ճաշկերոյթը, ներկայ էին նաեւ՝ պետական երեսփոխան Սերժ Թուրսարգիսեան եւ Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքճեան։ Այս առթիւ, հիմնադիր յանձնախումբի անդամները եւ առաջին գործակիցները պարգեւատրուեցան ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ կողմէ։ Ճաշկերոյթին խօսք առին հայերէնով Րաֆայէլ Ումուտեան, ֆրանսերէնով Միշէլ Տէօ Շատարէւեան եւ արաբերէնով Սերժ Ջուխատարեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.