2010-11-12 07:55:57

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գաթողիկոս Պատրիարքին Լրագրողներուն Հետ Միջին Արեւելքի Սիւնհոդոսի Մասին


Չորեքշաբթի 10 նոյեմբեր 2010-ի՝ առաւօտեան ժամը 9-ին, հիւսիսային Ամերիկայի «CNEWA» կազմակերպութեան լրագրողներու խումբ մը այցելեց ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ։
Հանդիպման ընթացքին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը նախ ներկայացուց Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատուկ սիւնհոդոսը, յատկապէս անոր հովուական գործունէութիւնն ու նպատակը։ Ան աւելցուց, թէ այս իւրայատուկ ժողովին մասնակցեցան նաեւ արեւելեան ոչ-կաթողիկէ Եկեղեցիներ, իսլամ եւ հրեայ կրօններու ներկայացուցիչներ։
Ապա հոգեւոր տէրը հակիրճ կերպով տեղեկացուց ներկաները հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ պատմականին մասին, անոր ներկայ իրավիճակին մասին Լիբանանի մէջ եւ աշխարհի այլ շրջաններու մէջ, ինչպէս Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Հայաստան, Ռուսիա եւ Վրաստան։ Այս գծով, ան յայտնեց որ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին կը փորձէ պահել եւ հաւաքել իր զաւակները հաւատքին եւ ինքնութեան մէջ, աշխարհատարած ժողովրդապետութիւններու եւ կեդրոններու միջոցաւ։
Հոգեւոր տէրը իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ եւս քոյր Եկեղեցիներու հետ երկխօսութեան ու համերաշխութեան կարեւորութեան մասին, հասնելու համար եկեղեցական համամիութեան, սուրբ Հոգիին շնորհքով. ինչպէս նաեւ ան կարեւոր նկատեց համակեցութեամբ ապրիլը այլակրօն համայնքներու հետ, մանաւանդ Միջին Արեւելքի մէջ։
Հոգեւոր տէրը նոյնպէս ակնարկեց Լիբանանի քաղաքական թէ տնտեսական տագնապալի իրավիճակին մասին, որ մղիչ պատճառն է մասնաւորապէս քրիստոնեաներու գաղթին։ Ան փակեց իր խօսքը յայտնելով, թէ ամէն քրիստոնեայ մարդ անհատ կոչումն ու առաքելութիւն ունի, ուր որ ալ գտնուի, կարդալու Աստուածաշունչը, հասունցնելու իր հաւատքը եւ զայն վկայելու այն ընկերութեան մէջ, որ կ’ապրի:







All the contents on this site are copyrighted ©.