2010-11-12 13:07:20

«Մանուէլ Սարիբէկեանի Հարցով Հայաստան Պէտք Է Հետեւողական Ըլլայ Կ՝ըսէ Լարիսա Ալավերտեան։


՝՝Ազրպէյճանի մէջ գերի բռնուած եւ սպաննուած Մանուէլ Սարիբէկեանի հարցով Հայաստանի պետական մարմինները եւ հասարակական կազմակերպութիւնները պէտք է հետեւողական ըլլան եւ շարունակեն հարցը բարձրացնել միջազգային կառոյցներուն մէջ՝՝ յայտնեց Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Լարիսա Ալավերտեանը։ Ան յիշեցուց, որ ճիշդ ամիս մը առաջ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններու ղեկավարներուն ստորագրութեամբ նամակներ յղուեցան 4 միջազգային կառոյցներու՝ ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, Եւրոպական խորհուրդի եւ Եւրոպական Միութեան Գրասենեակներուն, սակայն մինչեւ այսօր այդ նախաձեռնութիւնը որեւէ արձագանգ չէ գտած։ Ըստ Լարիսա Ալավերտեանի, թէեւ Հայաստանի մէջ Սարիբէկեանի մահուան գծով քրէական գործ յարուցուած է, սակայն հարցը պէտք է քննարկման առարկայ դառնայ դատական միջազգային կառոյցներու համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.