2010-11-10 13:22:13

Վատիկան։ Ցուցահանդէսի Բացման Արարողութիւն ՜՜Ճանչնալ Վատիկանի Մատենադարանը- Դէպի Ապագայ Բաց Պատմութիւն Մը՝՝։


Չորեքշաբթի 10 նոյեմբեր 2010-ին՝ պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ ՜՜ճանչնալ Վատիկանի մատենադարանը- դէպի ապագայ բաց պատմութիւն մը՝՝ խորագրով ցուցահանդէսին։
Այս ցուցահանդէսը սարքաւորուած է Վատիկանի Գարլօ Մանիոյի նուիրուած՝ բաժնին մէջ եւ պիտի տեւէ մինջեւ 31 յունուար 2011։ Ցուցահանդէսը բաժնուած է 7 մասերու՝ որոնք կ՛ընդգրկեն. ՜՜ Մատենադարանի պատմութիւնը, Ձեռագիրներ, Տպագրական գործեր, Տպագրական աշխատասենեակ , դրամագիտական ու մատենադարական բաժին, եւ նորոգութեան բաժին։







All the contents on this site are copyrighted ©.