Պուլկարիա - Արեւելեան Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հռոմի հետ Միութեան 150-րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւնը։
Հանդիպում՝ Եւրոպայի Արեւելածէս եպիսկոպոսներու։
Նախաձեռնութեամբ Սոֆիայի թեմի առաջնորդ՝ գերապայծառ Քրիստոս Բրիոքովի, 5-7 Նոյեմբեր,
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք՝ Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հանդիպումը,
տօնախմբելու Արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հռոմի հետ միութեան 150-րդ տարեդարձը։ Այս
հանդիպումը առիթ ընծայեց եպիսկոպոսներուն աղօթքի ու խորհրդակցութեան պահ մը ապրելու եւ
ուսումնասիրելու արեւելեան եկեղեցաբանութիւնը, իր լրումը կը գտնէ միութեամբ Ս. Պետրոսի
առաքելական աթոռին հետ։