2010-11-10 12:51:24

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը ՜՜Առաքելական Ճամբորդութեան Տպաւորութիւնները՝՝ Նիւթին Մասին։


Չորեքշաբթի 10 նոյեմբերին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան նուիրուած՝ Սրահին մէջ։

Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ ուզեց անդրադառնալ Սպանիա կատարած այցելութեան։

Սրտի խոր հրճուանքով վերադարձայ Սպանիայէն, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, անոնք եղան ՜՜խանդավառութեան եւ սիրալիր ընդունելութեան երկու անմոռանաեի օրեր՝՝։

Գոմբոսդելլայի Մայր Տաճարին մէջ, այցելեցի Սուրբ Յակոբոսի դամբանը։

Այս աւանդական ուխտագնացութիւնը, զօրաւոր նշանն ու ցանկութիւնն է համակերպելու այն առաքելական պատգամին՝ ըլլալու հաւատարիմ աւետարանի քարոզութեան, առանց փորձութիւնը ունենալու փոխելու զայն կամ գռեհիկ դարձնելու եւ այլ նպատակներու համար շահագործելու ։

Շատ մը հաւատացեալներ, աշխարհի բոլոր վայրերէն, լռութեամբ կու գան ապաշխարելու ու դարձի գալու Քրիստոսի։

Թող անոնք շարունակեն ողջ պահելու ՜՜Հաւատքի՝՝ բուն իմաստը, այս հոգեւոր եւ ապաշխարութեան վայրին մէջ, հիմնաքարը այսօրուայ Եւրոպայի ։

Սակրատա ֆամիլիայի հոյակապ եկեղեցին հանճարեղ Կաուտիի ՜՜Յիսուսի Քրիստոնէականի՝՝ ստեղծագործութիւնն է։

Արարիչին փառք, գեղեցկութեան աղբիւր, այս Պազիլիքան որուն օծումը կատարեցի մեզի կը յիշեցնէ թէ՝ մկրտութիւնը մեզ կը ներմուծէ եկեղեցւոյ խորհուրդներուն մէջ որպէս ողջ քարեր։

Պարչելլոնայի մէջ աղօթեցի ընտանիքներու համար, յոյսը՝ ապագայ հասարակութիւններուն ։

Մեր բոլոր ուժերով պէտք է ջանանք նեցուկ կանգնիլ եւ պաշտպանել ընտանեկան` այր ու կնոջ միացումի իրողութիւնը։



Սրբազան Քահանայապետը յիշեց նաեւ Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի նուիրուած Պազիլիքայի օծման տարեդարձը ու ապա զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, հուսկ հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն ու բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց որպէսզի իրենց օժանդակութիւնը տան ՜՜Տիրոջ Տունը՝՝ կառուցելու նպատակով։



՜՜Եղէք միշտ ողջ քարերը եկեղեցւոյ հոգեւոր տաճարին ` միասին քալենք աւետարանի ծարայութեան ի սպաս` աղօթքով եւ եղբայրօգնութեամբ՝՝ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով իր խորհրդածութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.