2010-11-10 13:12:35

Հայազգի Այլ Քաղաքացի մը Գերի՝ Ազերպէյճանի մէջ ։


Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հայաստանեան գրասենեակի հաղորդակցման ծրագիրներու պատասխանատու Աշոտ Աստաբացեան ՝՝Tert.am՝՝ լրատուական կայքէջին փոխանցեց, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին տեղեկացուցին, որ հայազգի քաղաքացի մը եւս գերի կը գտնուի Ազրպէյճանի մօտ։ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակները 5 նոյեմբերին այցելեցին հայ գերիին։ Պատասխանելով այն հարցումին, որ յայտնի՞ է, թէ ե՞րբ Հայաստանին պիտի վերադարձուի գերի բռնուած հայը, Աշոտ Աստաբացեան յայտնեց, որ այսպիսի գործողութիւն իրականացնելու համար իրենց տակաւին որեւէ դիմում կամ խնդրանք չէ եղած։ Ան նշեց, որ եթէ այսպիսի դիմում կատարուի, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն պատրաստ է իր չէզոք միջնորդի դերը օգտագործելու եւ այդ գործողութիւնը իրականացնելու։
Ազրպէյճանական զանգուածային լրատուամիջոցները կը յայտնեն, որ Ազրպէյճանի մէջ կը պահուին Հայաստանի 6 ռազմագերիներ եւ 6 քաղաքացիներ։ Հայաստանի քաղաքացիներ Եղիշէ, Ռուզաննա, Ալֆրետ, Գայիանէ եւ Պետրոս Գէորգեաններ նոյն ընտանիքին մաս կը կազմեն։ Յիշեցնենք որ վերջերս Ասթրախանի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հանդիպման իբրեւ արդիւնք համաձայնութիւն ձեռք բերուած էր փոխանակելու երկու կողմերուն մօտ գտնուող ռազմագերիները եւ վերադարձնելու սպաննուածներուն մարմինները։







All the contents on this site are copyrighted ©.