2010-11-09 13:50:40

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդունած Է Այցելել Խրուաթիան։


Ընդառաջելով Խրուաթիոյ եկեղեցւոյ եւ կառավարութեան հրաւէրին, նորին սրբութիւնը իր հաւանութիւնը տուած է, 2011-ի առաջին վեցամսեայ շրջանին հովուական այցելութիւն կատարելու Խրուաթիա. այսպէս յայտարարած է Գերապայծառ Մարին Սրակիչ նախագահը՝ Խրուաթիոյ եպիսկոպոսներուն համահաւաք դասին, անցեալ 29 հոկտեմբերին` Խրուաթ Հանրապետութեան նախագահ Իվօ Եոզիփովիչի հետ հանդիպումէն ետք։
Սրբազան Քահանայապետը Պիտի Այցելէ Զակապրիան Ուր Պիտի Աղօթէ Երանելի Լուիճի Սդեփինագի Դամբանի Առջեւ։
Այս առթիւ Խրուաթիոյ նախագահը յայտարեց թէ՝ մօտ օրէն յանձնախումբ մը պիտի կազմուի ՜՜ նախագահական գրասենեակի, Խրուաթիոյ կառավարութեան եւ խրուաթ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներէն բաղկացած՝՝ պատրաստելու այս կարեւոր եւ պատմական այցելութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.