2010-11-09 13:47:34

Նկարչուհի Մինա Անանեանի Պատկերագիրքի Ներկայացումը Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ։


Հայաստանի Ազգային գրադարանին մէջ ներկայացուեցաւ նկարչուհի Մինա Անանեանի պատկերագիրքը։
Ցուցադրուեցաւ՝ նկարչուհիի յիշատակին նուիրուած՝ Անահիտ Թադեւոսեանի հեղինակած ֆիլմը, որ կը պատմէ Մինայի ստեղծագործական աշխարհի մասին։ Ֆիլմին մէջ Մինայի նկարներու մասին կը խօսին Ազգային պատկերասրահի տնօրէնը՝ Փարաւոն Միրզոյեան, արուեստաբան Սարօ Սարուխանեան, Մինայի մայրը՝ տիկին Նեկտար, եւ քոյրը՝ Նունէ Անանեան։
Շնորհանդէսը սկսաւ Նաթան եպիսկոպոս Յովհաննիսեանի օրհնութեամբ եւ Տէրունական աղօթքով։ Ան նկատեց, որ Մինայի նկարներուն մէջ կը գերիշխէ կապոյտը, որը հոգեւոր մաքրութեան խորհրդանիշն է։
Գրադարանին մէջ ցուցադրուած էին անոր մօտ 20 աշխատանքները։
Շնորհակալութիւն յայտնելով գրադարանի տնօրինութեան՝ ալպոմի շնորհանդէսը կազմակերպելու համար՝ Մինայի մայրը գրադարանին նուիրեց դստեր հեղինակած՝ հայերէն առաջին պարբերականի՝ Ազդարարի հիմնադրի՝ Յարութիւն Շմաւոնեանի դիմանկարը։
Նշենք թէ Մինա Անանեանի աշխատանքները կը գտնուին Հայաստանի, Ռուսիոյ, Իսրայէլի, Գանատայի եւ ԱՄՆ-ի մասնաւոր հաւաքածոներուն մէջ։
Պատկերագիրքը տպագրուած է, նկարչուհիին առաջին յետմահու ցուցահանդէսի առընչութեամբ։ Անիկա երկլեզու է՝ (հայերէն եւ անգլերէն)։ Ալպոմին մէջ, կան ՜՜նկարչուհիի տարբեր տարիներուն ստեղծած՝ շուրջ 130 նկարներ՝՝ ։
Վաղամեռիկ նկարչուհիին շքեղ պատկերագիրքը կը պարունակէ հարիւրէ աւելի գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ աշխատանքներու վերատպութիւններ։
Եւ որպէս անձ, եւ որպէս արուեստագէտ, Մինան աստուածային էակ էր։ Մօտիկէն ճանչնալով զինք, (ըսաւ նկարչուհիին քոյրը՝ արուեստագէտ Լուսինէ Անանեան)
կարող եմ ըսել, որ Մինայի արուեստը ապագայի ու եզակի նկարչութիւն է։ Այն ինչ որ կ՝ապշեցնէ զիս, որ ան ապրեցաւ եւ ստեղծագործեց բոլոր ժամանակներու ու բոլոր մարդկանց համար։

 







All the contents on this site are copyrighted ©.