2010-11-09 13:51:32

Ճօճկան Գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Վերաօծումը։


Գուգարաց թեմի առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլջեանի ձեռամբ ու հանդիսապետութեամբ՝ Նոյեմբեր 7-ին, վերաօծուեցաւ Ճօճկան գիւղի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին` Սուրբ Սեղանը, Խորանի ճակատը եւ Մկրտութեան Սուրբ աւազանը։ Եկեղեցին կառուցուած է 1886-ին։
Արարողութեան աւարտին, Սեպուհ Սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ.
՜՜Այսօր մեծ ուրախութեամբ եւ հոգու բերկրանքով կը տօնախմբենք պատմական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը։ Մենք նման այն իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին դիմաւորելու մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը երկնային փեսան)տ, մեր հոգու փրկութեան համոզումով, աղօթքով ու զղջումով նոյնպէս կը վառենք մեր հոգու հաւատի ճրագը եւ վերաօծուած ու սրբացած այս եկեղեցւոյ մէջ մեր աղօթքներով պատրաստ ենք դիմաւորելու մեր Տիրոջ այցը ներգործութեամբ Ս. հոգւոյն։ Ուստի, բանալով այս եկեղեցւոյ դռները, դուք եւս բացէք ձեր հոգու եւ մտքի դռները, որպէսզի իր փրկարար զօրութեամբ մուտք գործէ մեր Փրկիչը։
Եկեղեցւոյ վերաօծման մասնակցեցաւ, Հաղպատավանքի վանահայրը՝ Տէր Ասպետ վարդապետ Բալեան, ներկայ էին համայնքի անդամներ, հիւրեր արտերկրէն, բարերարը ու մարզային իշխանութեան ներկայացուցիչներ։
Այս առթիւ պատրաստուած էր նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին գիւղի դպրոցականները, հանդէս եկան երգով, ասմունքով եւ պարով։
Յաւարտ Սուրբ պատարագին՝ գիւղապետ՝ Սամուէլ Գիոլեանի կողմէ բաժնուեցաւ օրհնուած մատաղը։







All the contents on this site are copyrighted ©.