2010-11-09 13:42:26

Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Ռոստով Մարզի Միջեւ Համագործակցութիւն.


Վարչապետ Տիգրան Սարսեան երէկ ընդունեց Ռուսիոյ Ռոստովի մարզի նահանգապետ Վասիլի Կոլուպնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը համոզում յայտնեց, որ պատուիրակութեան այցելութիւնը նոր թափ տայ հայ-ռուսական միջ-շրջանային համագործակցութեան։ Վարչապետը ընդգծեց, որ շրջաններուն միջեւ ուղղակի կապերու խորացման հարցը քննարկուեցաւ եւ կարեւոր նկատուեցաւ 23 հոկտեմբեր 2010-ին Եքաթերինպուրկի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնախումբի 12-րդ նիստի օրակարգի շրջագիծին մէջ։ Գոհունակութիւն յայտնելով Հայաստանի եւ Ռոստովի մարզին միջեւ փոխադարձ գործակցութեան ընթացքէն եւ բարձր գնահատելով պատմականօրէն ձեւաւորուած երկկողմանի բարեկամական յարաբերութիւններուն մէջ Ռոստովի մարզին հայկական համայնքին դերակատարութիւնը, զրուցակիցները քննարկեցին տնտեսական կապերու զարգացման հեռանկարները։ Մարդասիրական եւ մշակութային կապերու ամրապնդման եւ զբօսաշրջութեան զարգացման առումով կարեւոր նկատուեցաւ Հայաստանի մէջ Ռոստովի մարզի մշակոյթի օրերու կազմակերպումը։







All the contents on this site are copyrighted ©.