2010-11-09 13:47:49

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան Հիմնադրութեան 130-ամեակը։


Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութիւնը, իր հիմնադրութեան 130-ամեակին առիթով, երկու շաբթուան տեւողութեամբ, կազմակերպեց հոգեւոր պատգամներու եւ զրոյցի պահեր, Պուրճ Համուտի իր կեդրոնին մէջ(Լիբանան)։ Այս առիթով Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգէն հրաւիրուեցաւ Ս Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արամ Աւագ քահանայ Ստեփանեան։ Ան լուսարձակի տակ առաւ հայ եկեղեցւոյ աշխատանքային վերակազմաւորման, երիտասարդութեան հարցերուն եւ արհեստագիտութեան դրական ու ժխտական երեսներուն։ Արամ քահանայ հաստատեց, որ եկեղեցականները պէտք է քայլ պահեն 21-րդ դարուն ընձեռած զանազան նորութիւններուն։ Ըստ անոր, եկեղեցին ներկայութիւն պէտք է ըլլայ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.