2010-11-08 13:03:02

Օշականներու Հատորին Ներկայացումը Կլենտէյլի Մէջ.


Կլենտէյլի հանրային Գրադարանի կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 12ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Գրադարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Արցախի նուիրուած Վահէ եւ Արա Օշականներու նոր հրատարակուած երկլեզու հատորին՝ «Father Land. Հող Հայրենի»ի ներկայացումը:Վահէ Օշականի (խօսք) եւ Արա Օշականի (լուսանկար) միացեալ ջանքին արգասիքը հանդիսացող սոյն հատորը հայերէնով եւ անգլերէնով պիտի ներկայացնէ Արա Օշականը , որ նաեւ պատրաստած է սահիկներու ցուցադրութիւն մը: Ան նաեւ պիտի մակարգէ գիրքէն օրինակներ: Առիթ պիտի տրուի նաեւ հարց-պատասխանի:







All the contents on this site are copyrighted ©.