2010-11-08 13:46:36

Ուրուկուէյ -Ռատիօ Արաքսը՝ Երեք Տարեկան։


Մոնթեվիտէոյի Զիթարոսա սրահին մէջ տեղի ունեցաւ երգահանդէս մը, նուիրուած՝ Ուրուկուէյի միակ անկախ ռատիոհաղորդումի՝ Ռատիօ Արաքսի հիմնադրութեան երրորդ տարեդարձին առիթով։ Համերգին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն ժամանած էր Տարօն մանկական երգչախումբը, որուն մեներգիչն է 13-ամեայ Ասատուր Չաքմանեան։
՜՜Հայաստանը եւ իր գուսանները՝՝ անունը կրող երգահանդէսին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Հայ ազգային կեդրոնի Գայեանէ պարախումբը։
Մեկնաբանուեցան Սայաթ Նովայի ու գուսաններ՝ Աշոտի, Ջիւանիի երգերը, ինչպէս նաեւ ազգային երգեր։
Ռատիօ Արաքսի տնօրէնը՝ Տիէկօ Գարամանուկեան, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ նշելով, որ երգահանդէսին յաջողութիւնը կը փաստէ, թէ Ռատիօ Արաքսը կը շարունակէ մնալ ամէնէն հզօր եւ արդիւնաւէտ լրատուամիջոցներէն մէկը։







All the contents on this site are copyrighted ©.