2010-11-08 13:46:29

Հայ Բողոքականները Սուլթանական Ճանաչում Ստացան, 2 Նոյեմբեր 1847ին


163 տարի առաջ, 2 Նոյեմբերին, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին, Սուլթանի Կայսերական Իրատէով (հրամանագրով), բողոքականութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուեցաւ իբրեւ օրինական միլլէթ (ուրոյն հասարակութիւն)։
Թէեւ սուլթանական հրամանագիրը կը վերաբերէր ընդհանրապէս Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին ապրող բոլոր ազգութեանց բողոքականներուն, բայց իրականութեան մէջ նորահաստատ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին էր, որ սուլթանի հրամանագրով կ'արժանանար պաշտօնական ճանաչումի եւ օրինական ասպարէզ կը գտնէր իր գործունէութիւնը ծաւալելու համար։ Եւ այսօր, արդէն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին իր նուիրական տեղը կը գրաւէ հայ կեանքին մէջ իբրեւ ազգային եկեղեցի։







All the contents on this site are copyrighted ©.