2010-11-07 09:00:43

Ֆրանսայի Նոր Նշանակուած Դեսպանին Հաւատարմագիրները .


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարսեանին 5 նոյեմբերին իր հաւատարմագիրները յանձնեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր նշանակուած արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ Անրի Ռենոն։ Նախագահը շնորհաւորեց եւ յաջողութիւն մաղթեց դեսպանին՝ նշելով, որ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններու բարձր մակարդակը մեծ պատասխանատուութիւն եւ յարաբերութիւնները աւելի ամրապնդելու պարտաւորութիւն կը դնէ երկու երկիրներու դեսպաններուն առջեւ։ Զրուցակիցները կարեւոր նկատեցին հայ-ֆրանսական տնտեսական, ինչպէս նաեւ ապակեդրոնացուած մակարդակով համագործակցութեան խորացումը, միջ-խորհրդարանական կապերու ամրապնդումը եւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը։ Նկատի առնելով Ֆրանսայի ծանրակշիռ տեղն ու դերը Եւրոպական Միութեան կառոյցներուն մէջ, նախագահ Սարգսեան եւ Ֆրանսայի դեսպանը ընդգծեցին Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ երկու երկիրներուն համագործակցութեան կարեւորութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.