2010-11-07 09:00:56

Յունաստանի մէջ Հայաստանի Դեսպանատունը Կասկածելի Ծրարներ Ստացած.


Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը 4 նոյեմբերին կասկածելի երկու ծրարներ ստացած է, ինչ որ մտահոգած է հայկական դիւանագիտական ներկայացուցչութեան աշխատակիցները։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան յայտնեց, որ դէպքին առնչութեամբ յոյն ոստիկանները ժամանած են դեսպանատան շէնք եւ ստուգած ծրարները, յատկապէս փնտռելով կենսաբանական կամ քիմիական վտանգաւոր նիւթեր, աւելցնելով, որ ստուգման իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ ծրարներուն մէջ վտանգաւոր որեւէ բան չկայ։ Բալայեան վստահեցուց, որ այժմ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը կը շարունակէ իր բնականոն աշխատանքը։







All the contents on this site are copyrighted ©.