Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին Հայող Բանաձեւի Նախագիծը Հանուեցաւ ՕԹԱՆ-Ի Խորհրդարանական
Վեհաժողովի Օրակարգէն ։
ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար, Հայաստանի
հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Կարէն Աւագեան ՝՝Tert.am՝՝ լրատուական
կայքէջին տեղեկացուց, որ ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նոյեմբերեան նստաշրջանի օրակարգէն
հանուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը։ Նշենք, որ
այս բանաձեւի նախագիծը ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին ներկայացուած էր տակաւին ամիսներ
առաջ՝ ազրպէյճանական կողմին առաջարկով։ Հայաստանի Ազային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան
ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին դիմած էր, նշելով նախագիծին քննարկման անընդունելիութիւնը,
իսկ ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ հայկական պատուիրակութիւնը համապատասխան առաջարկներ
պատրաստած էր։