2010-11-06 13:24:45

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Ճառերը 


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, բարի գալուստի արարողութեան ընթացքին իր ուղղած ճառով, նախ ողջունեց Ասդուրիայի իշխան թագաժառանգ ֆիլիփը, ազգային եւ տեղական իշխանութիւնները եւ բոլոր անոնք որոնք իրենց համագործակցութիւնը բերին այս ուխտագնացութիւը պտղաբեր դարձնելու համար։
Իր ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս ընդլայնեց ''ճանապարհ'' բառին նշանակութիւնը եւ ծաւալը։ Մարդը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, միշտ ճանապարհի մէջ է ու Եկեղեցին իրեն կ'ընկերանայ, եւ այսպէսով իր պաշտօնը կը կատարէ։ Իր ճանապարհորդութեան ընթացքին, մարդը կը փնտռէ ճշմարտութիւնը եւ եկեղեցին կ'օգնէ անոր իր այս փնտռտուքին մէջ։
Այս է Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը` ՜՜գտնուիլ միշտ մարդոց մօտ որպէս ներկայութիւնը Քրիստոսի՝՝։ Այս ուխտագնացութեամբս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, կ'ուզեմ միանալ այն անթիւ անհամար այրերուն ու կիներուն, որոնք դարերու հոլովոյթին հոս եկան Սպանիայէն, Եւրոպայէն ու համայն աշխարհէն, վերանորոգուելու քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Անոնք հոս եկան աղօթելու, Աստուծոյ ողորմութիւնը հայցելու եւ ստեղծելու նոր մշակոյթ մը, որուն շնորհիւ ի յայտ եկան եկեղեցիներ, հիւանդանոցներ, հիւրանոցներ, կամուրջներ եւ մենաստաններ։ Եւ այսպէսով զարգացուցին Սպանիան ու Եւրոպան, տալով հոգեւոր դիմագիծ մը, իրադրութիւն մը Աւետարանով անջնջելիօրէն դրոշմուած։

Ս. Յակոբ Ուխտավայրի մէջ Նորին Սրբութիւնը իր արտասանած ճառով ըսաւ. ՜՜Ձեր մէջ կը գտնուիմ որպէս ուխտաւոր, հանդիպում ունենալու՝ Աստուծոյ հետ, ուր Ան հաճեցաւ յայտնուիլ եւ ցոյց տալ մարդոց իր շնորհքին սքանչելիքը, որպէսզի մարդիկը հրաւիրէ սրբութեան՝՝ ։ ՜՜ Հաւատացեալները, աւելցուց Նորին Սրբութիւնը, դարերու ընթացքին միշտ ուխտագնացութիւն կատարած են, Երուսաղէմ, վայրը՝ Քրիստոսի Չարչարանքի, Մահուան ու Յարութեան, Հռոմ` քաղաքը Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու եւ Գոմբոսդելա, վայրը՝ Յակոբոս առաքեալին, ամրապնդելու իրենց հաւատքը։
Յակոբեան սուրբ տարւոյն առթիւ, ուզեցի հոս գալ հաղորդակից ըլլալու՝ Սիրոյ խորհուրդին մէջ, որ է Ամենասուրբ Երրորդութիւնը, եւ աղօթելու Եկեղեցւոյ բոլոր զաւակներու համար, որպէսզի ամէնքս լուսաւորուինք Քրիստոսի ճշմարտութեամբ, դաւանելով հաւատքը ամենայն ցնծութեամբ ու պարզութեամբ առօրեայ մեր կեանքին ընթացքին, թէ մեր խօսքով եւ թէ մեր գործերով։ Ամէնքս կանչուած ենք Եկեղեցւոյ հետ համագործակցելու՝ Քրիստոսի ազատարար լոյսը տարածելու մարդոց միջեւ՝՝։
Հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սպանացի հաւատացեալներուն որոնք, իրենց առատաձեռնութեան շնորհիւ՝ օգնութեան կը հասնին կարօտեալներուն եւ աղէտեալներուն։
Սրբազան Հայրը իր խօսքը կ'եզրափակէ խրախուսելով քրիստոնեայ սպանացիները ըլլալու՝ ՜՜Յարուցեալ Քրիստոսի վկանները՝՝ ընթանալով սրբութեան ճանապարհին վրայ։
 







All the contents on this site are copyrighted ©.