2010-11-06 13:07:30

Նոր Երանուհի Մը Պարպարա Մաիքս։ Հիմնադրուհին Սուրբ Կոյս Մարիամի Անաղարտ Սրտի Մայրապետներու Միաբանութեան։


 6 Նոյեմբերին Պրազիլի Բօրթօ Ալլէկրէ քաղաքը կայացած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի ընթացքին,գլխաւորութեամբը Արքեպիսկոպոս Անճէլօ Ամաթոյի (Սուրբերու Դատի Ժողովի Կառավարիչը) Երանելիներու կարգին մէջ դասուեցաւ Մայր Պարպարա Մաիքս որ ծնած էր Վիէննա 1818ին,քաջ եւ միաժամանակ անդրդուելի հաւատքով երիտասարդուհի մը որ կը զբաղէր բանուորուհիներու դաստիարակութեաբ եւ կ՝ուզէր հիմնել Միաբանութիւն մը։ Չկարենալով իրականացնել այս երազը իր երկրին մէջ, կ՝որոշէ գաղթել Հիւսիսային Ամփերիկայ,բայց ոչ մի նաւ կը մեկնէր Համպուրկի Նաւամատոյցէն դէպի Ամերիկա,ուստի ամիս մը տեւող սպասումէ մը ետք, կ՝որոշէ մեկնիլ Պրազիլ 21 ընկերուհիներով ,եւ այսպէս Նախախնամութեան նշան՝Պրազիլը 1848-էն սկսեալ կը դառնայ իրեն խոստացուած Երկիրը,եւ իր երկրոդ հայրենիքը։ Ան կը դառնայ Պրազիլի բնակիչ,Պրազիլցիներու կողքին եւ կը հիմնէ 1849-ին Սուրբ Կոյս Մարիամի Անաղարտ Սրտի Մայրապետներու Միաբանութիւնը ։ Պարպարա Մաիքս շատ սիրած է իր մերձաւորը,սիրած ու ծառայած է աղքատներուն, սիրած ու դաստիարակած է փոքրերը ,սիրած ու ներած է իր հոգեւոր դուստրերը։ Ան յաճախ կ՝ըսէր իր միաբանակից քոյրերուն՝՝ Մենք քրիստոնեայ ենք եւ Եկեղեցին մեր Մայրն է. ուսդի ապրինք որպէս Եկեղեցւոյ օրինաւոր դուստրերը կեանքի բոլոր պահերուն՝՝։ Մայր Պարպարա կը վախճանի 17 մարտ 1873-ին։







All the contents on this site are copyrighted ©.