2010-11-06 13:24:39

Յակոբոս Առաքեալ


 Զեբեդիոսի եւ Սողոմէի որդին՝ Յակոբոս, իր եղբօրը Յովհաննէսի եւ Պետրոսի հետ կը կազմէին այն սեղմ շրջանակը, որու աւելիով կը վստահէր Քրիստոս:
 Յակոբոս եւ Յովհաննէս իրենց ըմբոստ նկարագրին համար, Քրիստոսի կողմէ կոչուեցան ՙՈրդիք Որոտման՚:
 Յակոբոս առաքեալի նահատակութեան կ’անդրադառնայ միայն Գործք Առաքելոց գիրքը, երբ կը պատմէ թէ Հերովդէս ձերբակալելով կը գլխատէ զայն շուրջ 99 թուականին՝ Երուսաղէմի մէջ:
 Յակոբոս կը հանդիսանայ առաջին նահատակը առաքեալներու խումբին: Աւանդութիւնը կ’ըսէ թէ իր մարմինը կը նետուի Եաֆայի ծովը եւ ալիքները զայն կը հանեն Սպանիոյ ծովեզերքը, ուր մեծ ժողովրդականութիւն կ’ունենայ: Իսկ անոր գլուխը կը տարուի Յակոբոս Տեառնեղբայր առաքեալին, որ կը թաղէ զայն իր պարտէզին մէջ, որու վրայ ապագային կը կառուցուի Երուսաղէմի հայոց Ս. Յակոբեանց հիանալի եկեղեցին:







All the contents on this site are copyrighted ©.