2010-11-05 13:19:22

Օրուան խորհրդածութիւն - Որպեսզի Միջին Արեւելքը Մնայ Քաղաքակրթութիւններու Երկխօսութեան Օրրանը։


Տակաւին մէկ շաբաթ չէր անցած Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութեան ներկայութեան նուիրուած սիւնհոդոսէն, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ, երբ կիրակի երեկոյեան ահաբեկչութեան սեւ ձեռքը կրկին հարուածեց քրիստոնէական սրբավայր մը՝ Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ։
Լուրը ցնցիչ էր։ Ասիկա առաջին դէպքը չէր, որ տեղի կ'ունենար Միջագետքի երբեմնի զօրաւոր, բայց հետզհետէ նօսրացող քրիստոնէական հօտը հարուածելու իմաստով։ Ասկէ առաջ ալ պատահեցան սպանդներ, սպաննուեցաւ Մուսուլի մէջ քաղդէացի կաթողիկէներու առաջնորդը, ահաբեկչական տարբեր տեսակի գործողութիւններու ընթացքին խլուեցան քրիստոնեայ կղերականներու կեանքեր, քանիցս սպառնալիքներ ուղղուեցան Իրաքի զանազան շրջաններուն մէջ բնակող քրիստոնեաներուն՝ լքելու իրենց տուն-տեղը եւ հեռանալու իրենց պապենական հողերէն, այլապէս Այդ սպառնալիքներէն մինչեւ իսկ զերծ չմնաց իրաքահայութիւնը։
Ինչո՞ւ այս բոլորը։ Այս բոլորը՝ ոմանց կողմէ իսլամական կրօնին սխալ ըմբռնումին պատճառով։ Ըմբռնում մը, որ քրիստոնեային մէջ կը տեսնէ անհաւատութեան մարմնացումը եւ արտօնելի կը դարձնէ զայն սպաննելը։ Մինչդեռ իսլամութիւնը ոչ թէ կրօնական կոյր մոլեռանդութեան, այլ ներողամտութեան եւ հանդուրժողականութեան կրօնն է։ Այդպէս ցոյց կու տայ պատմութիւնը։ Արաբական խալիֆայութեան հզօրութեան բարձրակէտին վրայ իսկ քրիստոնեաները ի պատուի էին Խալիֆայութեան կեդրոններ Դամասկոսի եւ Պաղտատի մէջ։ Անոնք քաղաքակրթական միջնորդի դեր կատարեցին իսլամական աշխարհին մէջ։ Անոնք յունական գիտական եւ փիլիսոփայական միտքը փոխանցեցին արաբներուն, եւ փոխադարձաբար՝ արաբական միտքը դրին Արեւմուտքի տրամադրութեան տակ։ Այս իմաստով անգնահատելի կը մնայ արաբական խալիֆայութեան ժամանակաշրջանին գործած քրիստոնեայ գիտնականներուն եւ մտածողներուն կատարած թարգմանական հսկայական աշխատանքին արժէքը։
Ի՞նչ տեղի կ'ունենայ այսօր, երբ մեծապէս վտանգուած է քրիստոնէական ներկայութիւնը ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Իրաքի մէջ։ Տեղի ունեցածը պարզապէս դաւադրութիւն մըն է՝ շրջանը պարպելու իր բնիկ հաւաքականութիւններէն։ Քաղաքակրթութիւններու բախումի տեսութիւնը ստեղծած է թիւր հասկացողութիւններ, որոնք կոչուած են խախտելու ցայժմ գոյութիւն ունեցած հաւասարակշռութիւնը։
Արեւմուտքի մէջ տարածուած է այն թիւր ու սխալ հասկացողութիւնը, որ բոլոր արաբներն ալ իսլամականներ են, հետեւաբար նաեւ՝ արիւնռուշտ ահաբեկիչներ, իսկ Ամերիկայի կողմէ Իրաքի բռնագրաւումէն եւ կրօնական ծայրայեղականութեան դրսեւորումներու ահագնացումէն ետք ստեղծուեցաւ այլ թիւր ու սխալ հասկացողութիւն մը, ըստ որուն շրջանին եւ մանաւանդ Իրաքի մէջ ապրող քրիստոնեաները Արեւմուտքի կողմէ ներմուծուած եւ ոչ հարազատ տարրեր են, պարզապէս գործիքներ՝ ամերիկեան եւ արեւմտեան կասկածելի քաղաքականութիւնները գործադրելու։
Նախապէս Մուսուլի մէջ կատարուած սպանդները յառաջացուցին գաղթի հսկայական ալիք մը հիւսիսային Իրաքի երբեմնի քրիստոնէական շրջաններէն։ Հիմա, անցեալ կիրակի օրուան սպանդով, սկիզբը կը դրուի Իրաքի մէջ ապրող մնացեալ քրիստոնեաներուն գաղթին, կարծէք ծրագիր մը կայ Միջագետքի մէջ քրիստոնէական հետքերը ի սպառ ոչնչացնելու։
Ի՛նչ ալ ըլլայ պարագան, որքա՛ն ալ ծանր ըլլան պայմանները, Միջին Արեւելքի եւ մանաւանդ Իրաքի մէջ քրիստոնէական դարաւոր վկայութիւնը՝ ճշմարտութեան եւ մարդկայնական արժէքներուն վերաբերեալ, պէտք է շարունակուի։ Կիրակի օր տեղի ունեցածին գծով դատապարտումի բոլոր խօսքերը անզօր կը մնան։ Բայց կը մնայ յոյսը, որ այս բուռ մը տանջուած եւ տառապեալ քրիստոնեաներուն կրած խաչը թեթեւնայ, որպէսզի այս շրջանը մնայ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան օրրանը։
Մինչ այդ, այո՛, աղօթե՛նք այս փոքրիկ հօտին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.