2010-11-05 13:08:47

Մուրատ Մուրատեան Իր Հաւատարմագրերը Յանձնեց Հոշեար Զեպարիին։


Իրաքի մէջ Հայաստանի դեսպան Մուրատ Մուրատեան նախանցեալ օր իր հաւատարմագիրներու պատճէնը յանձնեց Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարիին։ Պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ դռնփակ հանդիպում։ Շնորհաւորելով դեսպանը՝ նախարար Զեպարի գնահատեց Իրաքի մէջ դեսպանատուն բանալու Հայաստանի որոշումը։ Ան նշեց, որ Իրաք իր կողմէ քայլերու պիտի ձեռնարկէ Հայաստանի մէջ ապագային դեսպանատուն բանալու ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող խնդիրներ։ Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին իրաւա-պայմանագրային դաշտի ստեղծման անհրաժեշտութիւնը, ինչ որ կարելիութիւններ պիտի ստեղծէ աւելի արդիւնաւէտ ձեւով համագործակցելու եւ ընդլայնելու յարաբերութիւնները առեւտրա-տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական մարզերուն մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.