Մշակոյթի Քահանայապետական Խորհուրդի Ժողով (10-13 Նոյեմբեր) Գործօն Առաջարկներու Ներկայացում
Եկեղեցւոյ Աւետարանական Առաքելութեան Ի Սպաս։ Ժողովին Նիւթն Է. ''Հաղորդակցութեան Մշակոյթ
Եւ Նոր Բարբառներ''։
Մշակոյթի քահանայապետական խորհուրդի լիանիստ ժողովին նպատակն է կեդրոնանալ ժամանակակից
մշակոյթի, բարբառի ու արտայայտութիւններու գործածութեան, ուսումնասիրել պատշաճ միջոցները
գտնելու աւետարանական առաքելութեան համար։ Աշխատանքները պիտի կատարուին Հռոմի քաղաքապետարանը,
ներկայութեամբ՝ գերապայծառ Ռավազիի եւ Հռոմի քաղաքապետ Ճաննի Ալեմաննոյի։ Նոյեմբեր 3-ին
Վատիկանի մամլոյ գրասենեակին մէջ ներկայացումը պիտի կատարուի վերոյիշեալ ժողովին ինչպէս
նաեւ պիտի ներկայացուի կարտինալ Ժոզէֆ Ռազինկերի ամբողջան գրութիւններու գերմաներենով
հրատարակուած 12-րդ հատորը։