2010-11-05 13:14:17

Լեհաստան Պիտի Աջակցի Հայաստանին ։


Երէկ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի հանդիպումները շարունակուեցան Լեհաստանի մէջ։ Լեհաստանի արտաքին գրծոց նախարար Եացեք Նայտերի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ քաղաքական համագործակցութեան հեռանկարները, ներառեալ՝ Լեհաստանի նախաձեռնած Արեւելեան Գործընկերութեան ծրագիրի ծիրին մէջ։ Քննարկուեցան նաեւ Հայաստան-ՕԹԱՆ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին, Արթուր Բաղդասարեան անընդունելի նկատեց Ազրպէյճանի նախաձեռնութիւնը՝ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՕԹԱՆ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովին ընթացքին շրջանառութեան մէջ դնել բանաձեւի նախագիծ մը, որուն մէջ կը խօսուի գրաւեալ տարածքներու մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.