2010-11-05 13:17:45

ԷՋ ՄԸ ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵՆԷՆ


Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեան
Անուշաւան Տէր Ղեւոնդեան ծնած է Թիֆլիս 1887-ին, ուր եւ ստացած է իր նախնական ուսումները, ինչպէս նաեւ սորված է երաժշտագիտութիւն` տեղւոյն երաժշտական Ուսումնարանին մէջ։ Ապա կը գտնենք զինք Սան Փեթերսպուրկ, ուր 1915-ին կ՛աւարտէ իրաւաբանական մասնաճիւղը, միեւնոյն ատեն յաճախելով նաեւ կայսերական քաղաքի երաժշտանոցը, ուր ունեցած է բազմաթիւ անուանի ուսուցիչներ. Լիադով, Գլազունով, Կալաֆատի, Շթայնպերկ եւ ուրիշներ։ Նախապէս գործակցած է Սպիրիտոն Մելիքեանի եւ միասին հրատարակած են Շիրակի շրջանի ժողովրդական երգերու եւ պարերու կտորներ։
Այս ուսումնասիրութիւններու հիման վրայ, հետագային ստեղծած է հայկական երաժշտութեան առաջին սիմֆոնիկ գործերէն մին, որ է Շիրակի Էդիւտները, 1916-ին։ Ջանացած է իւրացնել թէ հայկական թէ ռուսական ժողովուրդներու դասական երաժշտութեան աւանդութիւնները, ստեղծելով իւրայատուկ ոճ մը երաժշտական ստեղծագործութեան մէջ։
1917-1925 կը դասաւանդէ Թիֆլիսի մէջ, նիւթ ունենալով երաժշտութեան տեսական բաժինը, ինչպէս նաեւ երաժշտական գործիքներու վերաբերեալ գիտութիւնը։
Ապա կ՛անցնի Երեւան, ուր բացի դասաւանդելէ երաժշտութեան պատմութիւնը, տեսութիւնը եւ դաշնաւորումը, 1926-էն մինչեւ մահը, եղած է նաեւ խմբավար Երեւանի պետական Անսամպլի, 1926-1930։ Չորս տարի մեկնած է Պաքու, Ազրպայճան, հոն եւս կարգուելով խմբավար տեղւոյն Երաժշտանոցին, 1934-1938։
Տէր Ղեւոնդեան մահացած է Երեւան 6 Յունիս 1961-ին, ձգելով մեծ համաբաւ վարպետ երաժշտագէտի, մանաւանդ մանկավարժական գետնի վրայ։
Իր երաժշտական գործերը
Տէր-Ղեւոնդեան կ՛օգտագործէ ընդհանրապէս դիւցազներգական ոճը, ընդելուզուած քնարականին հետ. Շատ հաճելի համերգներ հրամցուցած է իր կեանքի ընթացքին բոլոր Կովկասեան ազգերու պատկանող ժողովուրդներուն անխտիր։
Հեղինակ է Սեդա օփէրէթին, ներշնչուած Լեւոն Շանթի մէկ գրուածքէն (1922)։
Ունի նաեւ Արեգակի ցոլքերում Օփերա-Պալլէթը, բեմադրուած Երեւան 1949-ին։
Իր օփերաներն են. Հրօ Հարսը ըստ Ճապարլիի, գրուած 1936-ին. Անահիտ, ըստ Ղազարոս Աղայեանի, գրուած 1940-ին։
Ունի նաեւ Պալէթներ. Աղթամար եւ Վահագնի Ծնունդը, ճոխացուած բանաստեղծական ասմունքներով (Վոքալիզ)։
Ընդհանրապէս ինքն է որ կը ղեկավարէր իր ստեղծագործութիւնները բեմի վրայ եւ յաջող ելոյթներով կը խանդավառէր հանդիսատեսները։ Մեծ ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ նորահաս սերունդի երաժշտական արուեստի գծով դաստիարակութեան ու բարգաւաճման մէջ. որպէս ուսուցիչ` ջամբած է իր գիտութիւնը բոլորին անխտիր։
Անուշաւան Տէր-Ղեւոնդեան հրատարակած է գրքոյկ մը 1933-ին, նուիրուած Ռիչարտ Վակների։ Իր գործն է նաեւ Երաժշտութեան տարրական Թէորիայի դասագիրքը, բազմիցս հրատարակուած եւ գործածուած որպէս դասագիրք երաժշտութեան եւ դաշնաւորումի։ Իր դաստիարակչական դերը դրական մեծ արդիւնք ունեցաւ, հասցնելով երաժշտագէտներու սերունդներ Հայաստանի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.