2010-11-05 13:07:21

Ազրպէյճան Յանձնեց Մանուէլ Սարիբեկեանի Մարմինը եւ Ստանձնեց Իր քաղաքացին։


Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան ՝՝Tert.am՝՝ լրատուական կայքէջին տեղեկացուցած է որ ազրպէյճանական կողմը երէկ Հայաստանին յանձնեց Մանուէլ Սարիբէկեանի մարմինը , իսկ հայկական կողմը յանձնեց Ազրպէյճանի քաղաքացի Էլտար Թաղիեւը։ Ան աւելցուց, որ յանձնումը տեղի ունեցաւ երէկ կէսօրին, Կայանաւան-Ղազախ հատուածին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.