2010-11-04 13:16:28

Սպանիոյի Եկեղեցին Թիւերով։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը 6 եւ 7 նոյեմբերին՝ առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Սպանիա, ուր յաջորդաբար պիտի այցելէ Սան Ճագոմօ տէ Գոմբոսդելա սրբավայրը եւ ապա Պարսելոնա քաղաքը։ Եկեղեցւոյ վիճակագրական տուեալներու համաձայն, Սպանիան կը հաշուէ 46 միլիոն բնակիչ որուն 42 միլիոնը կաթողիկէ են, այսինքն կաթողիկէները կը ներկայացնեն բնակչութեան 92,5 տոկոսը։ Սպանիոյ եկեղեցին ունի 124 եպիսկոպոս, 24850 կուսակրօն քահանաներ, որոնցմէ 16.860ը թեմական քահանաներն են եւ 7990 կրօնաւոր քահանաներ։

Ոչ քահանայ կրօնաւորներու թիւն է 3946, կան 50653 կրօնաւորուհիներ, 2786 աշխարհիկ կարգավիճակով կղեր, 33 քարոզիչ աշխարհականներ եւ 101261 կրօնուսոյցներ, իսկ քահանայութեան թեկնածուներուն թիւն է 3900։

Կրթական գետնի վրայ Սպանիոյ եկեղեցին ունի 1738 նախակրթական դպրոցներ, որոնց կը յաճախեն 265.348 աշակերտ-աշակերտուհիներ։ վարժարաններու թիւը 3694 է, ուր կը յաճախեն աւելի քան մէկ միլիոն ուսանողներ։ 153 համալսարաններ կը յաճախեն 104644 ուսանողներ։

Մարդասիրական եւ ընկերային գետնի վրայ, Սպանիոյ եկեղեցին ունի 93 հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ, բորոտանոց մը, 788 ծերանոցներ, 435 որբանոցներ եւ մանկամսուրներ, 301 ընտանեկան կեդրոններ կեանքի պաշտպանութեան համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.