2010-11-04 13:16:52

Սուրբ Թովմաս Մոր' Պաշտպան Սուրբը Կառավարիչներուն Եւ Քաղաքագէտներուն։


Սուրբ Թովմաս Մորի կեանքն ու նահատակութիւնը եղան պատգամ մը մարդու արժանաւորութեան ու խիղճի ազատութեան ի խնդիր, բոլոր ժամանակներու մարդոց համար։

Ս. Թովմաս Մոր ճանչցուած ու պատուուած է որպէս օրինակ բարոյական կեանքի պաշտպանութեան, ան ծնած է Լոնտոն 1478ին ։ Նախ աշխատած է որպէս խորհրդատու Գանդերպուրիի առաջնորդին մօտ, ապա Հենրիկոս Է արքայի տարիներուն, եղաւ Անգլիոյ վարչապետ։ Ան մեծապէս գնահատուած է իր ուղղամտութեան համար։ հակազդելով թագաւորի կամքին, որ կ'ուզէր եկեղեցին ենթարկել իր իշխանութեան, պալատէն հեռացուեցաւ ու հալածուեցաւ։ Ապա ատեանէն մահուան դատապարտուեցաւ։

Լեւոն ԺԳ Քահանայապետը զինք երանելի հռչակեց 1886ին։

1935ին Պիոս ԺԱ Քահանայապետը զինք խորաններու պատւոյն բարձրացուց, իսկ 31 Հոկտեմբեր 2000-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետի օրով Ս. Թովմաս Մոր՝ դարձաւ ՜՜պաշտպան սուրբը աշխարհի բոլոր կառավարիչներուն եւ քաղաքագէտներուն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.