2010-11-03 12:41:28

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Խստիւ Կը Դատապարտէ Իրաքի Քրիստոնեաներու Դէմ Գործադրուած Բարբարոսական Մահափորձերը։


Իր ցաւակցական հեռագիրին մէջ, 2 նոյեմբերին, Պաղտատի քրիստոնեայ զոհերու յուղարկաւորութեան առթիւ, Նորին Սրբութիւնը խստիւ դատապարտեց Իրաքի քրիստոնեաներու դէմ տարիներէ ի վեր գործադրուած բարբարոսական մահափորձերը, որոնք կ'արհամարեն կեանքի սրբութիւնը եւ քաղաքացիական վստահութիւնն ու համակեցութիւնը կը տկարացնեն։ Ապա Սրբազան հայրը իր աղօթքը բարձրացուց որպէսզի այդ նահատակներու զոհաբերումը ըլլայ ՜՜սերմը՝՝ երկրին խաղաղութեան ու ճշմարիտ վերածնունդի, բոլոր անոնց համար որոնք կ'աշխատին երկրին հաշտութեան ու եղբայրակցութեան ի խնդիր։







All the contents on this site are copyrighted ©.