2010-11-03 12:41:16

Մամլոյ Հանդիպում Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ Հետ ։Պէյրութ


Հռոմի մէջ, 10-24 Հոկտեմբեր 2010-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու յատուկ սիւնհոդոսը, որուն մասնակցեցան Միջին Արեւելեան Եկեղեցիներու 177 սիւնոդհոսական հայրեր` 19 կարդինալներ, 9 պատրիարքներ, 72 արքեպիսկոպոսներ, 67 եպիսկոպոսներ եւ 10 քահանաներ` իրենց օգնականներով, Անոնք քննարկեցին Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական Եկեղեցիներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները շեշտելով քրիստոնէական վկայութեան գործը ամրապնդելու եւ զարգացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան համար յոյժ կարեւորութիւն զգեցած սոյն սիւնհոդոսին իր գործօն մասնակցութիւնը բերաւ Հայ կաթողիկէ Եկեղեցին, գլխաւորութեամբ՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, որ թէ ընդհանուր նիստերու եւ թէ առանձին հանդիպումներու ընթացքին, գլխաւորաբար շեշտեց Հայ եկեղեցւոյ մարտիրոսութեան եւ հաւատարմութեան տիպար ըլլալու իրողութիւնը, անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան` շեշտելով 1915-ի Ցեղասպանութեան պարագան եւ ներկայացուց հայութեան դիմագրաւած ներկայ մարտահրաւէրները` Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ:

Այս առիթով, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դիւանը կազմակերպեց Ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ հետ լիբանանահայ մամլոյ հանդիպում մը, որ տեղի ունենցաւ ուրբաթ, 29 հոկտեմբեր 2010-ին, ժամը 11:30-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ՜՜ Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին աշխատանքներու ընթացքին ու եզրակացութիւններուն մասին՝՝։
Հանդիպման սկիզբը պրն. Կրէկուար Գալուստ հակիրճ կերպով ներկայացուց ընդհանուր օրակարգը Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսին։ Ապա հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի օգնական եպիսկոպոս՝ արհիապատիւ հայր Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան խօսեցաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ սիւնհոդոսին մասին, որ տեղի ունեցաւ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ, 5-9 հոկտեմբեր 2010։
Այսուհետեւ, Ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը զեկուցեց Միջին Արեւելքի յատուկ սիւնհոդոսի ընդհանուր նախագիծերուն մասին։ Ան անդրադարձաւ այս համաժողովին նպատակներուն եւ անոնց ազդեցութեան , լուսարձակի տակ առնելով քրիստոնեաներու ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ եւ անոնց դիմագրաւած մարտահրաւէրները (շրջանային ու տեղական քաղաքական դժուարութիւնները, խղճի ազատութիւնը եւ արտագաղթը)։ Հոգեւոր տէրը նշեց նաեւ թէ սիւնհոդոսը մասնայատուկ կերպով շեշտը դրաւ ընտանիքին, ժողովրդապետութեան ու դպրոցին կրթիչ դերակատարութեան վրայ, քրիստոնէական արժէքներու փոխանցման ու վկայութեան համար։
Վերջապէս, ան եզրափակեց իր զեկոյցը հաստատելով միջ-կրօնական երկխօսութեան հարկաւորութիւնը տարածաշրջանէն ներս, յոյսը պահելով ամրապնդել քրիստոնեայ ներկայութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ։
Հանդիպման աւարտին հարցումներ կատարուեցան սիւնհոդոսի գործնական քայլերուն, ՜՜ոչ-քրիստոնեայ միջավայրին հետ երկխօսութեան եւ Իրաքի մէջ ծրագրուած գաղթին՝՝ նիւթերուն մասին։







All the contents on this site are copyrighted ©.