2010-11-02 13:55:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Խօսքը Ուղղելով Ս. Պետրոս հրապարակը Խմբուած՝ Աւելի Քան Հարիւրհազար Պատանիներուն եւ Պարմանուհիներուն Ըսաւ. ''Սէրը Առեւտուր Մը Չէ''։


Շաբաթ 30 հոկտեմբեր 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը ընդունեց աւելի քան 100 հազար պատանիներ, եկած՝ Իտալիոյ բոլոր մարզերէն, մասնակցելու կաթողիկէ բանուորական շարժումի ազգային հանդիպումին։ Անոնց կ'ընկերանային 10.000 դաստիարակներ, բազմաթիւ քահանաներ եւ 50 եպիսկոպոսներ։

Սրբազան Հայրը անոնց ուղղած իր խօսքին մէջ զգուշացուց զանոնք հաղորդակցութեանց այն միջոցներէն որոնք կը ներկայացնեն ՜՜սէրը որպէս եսապաշտութեան ու առանձնացումին ներգործութիւն՝՝։

Պատասխանելով 11 եւ 16 տարեկան պատանիներու ուղղած հարցումներուն, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց զանոնք որ սորվին թէ ի՞նչ է ճշմարիտ սէրը, վերակոչելով իր երիտասարդութեան յիշատակները, ուր ինք եւս կը բաղձար աւելի գեղեցիկ ու բարի աշխարհ մը։

Ապա Նորին Սրբութիւնը զգուշացուց պատանիները ըսելով. ՜՜դուք չէք կրնար եւ պէտք չէ ընդունիք ՜՜սէր մը՝ վերածուած լոկ վաճառքի , սպառողական սէր մը` առանց փոխադարձ յարգանքի, սէր մը որ կարող չէ պահել ողջախոհութիւնն ու ու սրբութիւնը։ Հաղորդակցութեանց միջոցներու ու համացանցի առաջարկած սէրը, սէր չէ այլ եսապաշտութիւն է եւ առանձնացում։ Անիկա կարող է վայրկեանի մը համար` վաղանցուկ հաճոյք տալու, սակայն կարող չէ երջանկութիւն տալու։ Չի բարձրացներ այլ կը կաշկանդէ եւ կ'արգելափակէ գաղափարները, ամենագեղեցիկ զգացումները, ու սրտի ճշմարիտ սլացքը։ Այս անեղծ ոյժին՝ որ է սէրը, մեծագոյն արտայայտութիւնը կը գտնենք Յիսուսի մէջ։ Ճշմարիտ սիրոյ ապրումը կը պահանջէ որոշ զոհողութիւններ, ընդգծեց Սրբազան Հայրը յարելով թէ միայն հարազատ սէրը ուրախութիւն կու տայ։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով դաստիարակրուն ըսաւ. ՜՜ դուք չէք ՜՜տէրերը՝՝ ձեզի յանձնուած՝ պատանիներուն, այլ միայն՝ ՜՜սպասւորներ՝՝ էք։

Իր խօսքը եզրափակելով Սրբազան Հայրը ըսաւ. ՜՜Պատանիներ, շնորհիւ ձեր խանդաղատանքին եւ ուրախութեան ինքզինքս երիտասարդացած կը զգամ՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.