2010-11-02 13:56:03

Փարիզի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Մասնակցութիւնը ՜՜Վասն Միութիւն՝՝ Աշխարհական Շարժումի Կազմակերպած՝ Համամիութենական Թափօրին։


Փարիզի մէջ ,մէկ Նոյեմբերին ՜՜Վասն Միութիւն՝՝ աշխարհական շարժումը` ամենայն սրբոց տօնի առթիւ (ըստ լատինաց) կազմակերպած էր համամիութենական թափօր մը Փարիզի պողոտաներու վրայ, մասնակցութեամբ՝ աւելի քան 5000 հաւատացեալներու։

Թափօրը որ վերջ գտաւ Փարիզի՝ Notre Dame տաճարին մէջ ունէր իբրեւ նպատակակէտ ՜՜վերապրիլ ու վկայել ժողովրդական կրօնական քրիստոնեայ սովորութիւնները՝՝։

Այս առթիւ Փարիզի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը գերապատիւ Հ. Գէորգ Վրդ. Ասատուրեան, իր մասնակցութիւնը բերաւ ու գլխաւորեց թափօրի արարողութիւնը։ Ան հայերէնով աղօթքներ արտասանեց ու շարականներու երգեցողութիւն կատարեց վկայութիւն տալով հայ ազգի դարաւոր պատկանելիութեան քրիստոնեայ հաւատքին, ինչպէս նաեւ՝ անոր մարտիրոսութեան եւ մեծ եղեռնի մէկ ու կէս միլիոն նահատակ զոհերուն։

Իր խօսքին մէջ Հայր Գէորգ անդրադարձաւ թէ ՜՜ հայերը եղած են քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդը` խաչապաշտ ժողովուրդ` բայց որ կը հաւատայ Քրիստոսի Յարութեան եւ յարութեան մէջ է որ հայ ազգը գտած է ուժը վերականգներու եւ դիւցազնաբար ու հերոսաբար ապրելու իրեն քրիստոնեայ հաւատքը՝՝։ Հայր Գէորգ անդրադարձաւ նաեւ Իրաքի մէջ ասորիներու եկեղեցւոյ դէմ գործադրուած ահաբեկչական արարքին ու խնդրեց ներկաներէն որ աղօթեն միջին արեւելքի քրիստոնեաներու համար որոնք դժուար կացութեան մէջ կ՜ապրին։

Արարողութեան ընթացքին հաւատացեալներու ամբոխը ուզեց մասնաւորապէս աղօթել Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի դիտաւորութեան եւ Notre Dame տաճարի մէջ շարունակաբար լսելի եղաւ ՜՜ Մայր Հայաստանի պահապան ու պաշպան եղիր հայ ժողովուրդին՝՝ լիթանիան, այնպէս որ կարծէք ՜՜Վասն Միութիւն՝՝ արարողութիւնը (ամբողջը) կեդրոնացած ու կազմակերպուած ըլլար Հայ Ժողովուրդի դիտաւորութեան՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.