2010-11-01 12:57:58

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Մը 32 Զոհեր Կը Պատճառէ։


Պոլսոյ կեդրոնական ՝՝Թաքսիմ՝՝ հրապարակին վրայ երէկ առաւօտ թրքական ոստիկանութիւնը թիրախ դարձնող անձնասպանական գործողութիւնր 32 վիրաւորնե պատճառեց։ Պոլսոյ գլխաւոր հրապարակը զբօսաշրջիկներով եւ Հանրապետութեան Տօնի առիթով կեդրոն եկողներով խճողուած էր։ Որեւէ կազմակերպութիւն գործողութեան պատասխանատուութիւնը չստանձնեց տակաւին։ Պոլսոյ ոստիկանապետ Հուսէյն Չափքըն յայտնեց, որ անձ մը հրապարակին մօտ կանգնած ոստիկաններուն մօտեցած է ու ապա ինքզինք պայթեցուցած։ Իսկ Պոլսոյ կառավարիչ Հուսէյն Մութլու լրագրողներու յայտնեց, որ 15 ոստիկաններ եւ 17 քաղաքայիններ վիրաւորուած են։ Վիրաւորներէն միայն ինը ոստիկաններ կը շարունակեն հիւանդանոցի մէջ դարմանումի ենթարկուիլ։ Գործողութեան հեղինակը ինքզինք պայթեցուցած է Պոլսոյ կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակը գտնուող Աթաթուրքին նուիրուած յուշակոթողի մերձակայքը կանգ առած ոստիկաններ փոխադրող փոխադրակառքերու մօտ։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան, որ Մարտին կայցելէր, պատկերասփռուած ճառ մը արտասանելով՝ ըսաւ որ ՝՝նման յարձակումներ պիտի չարգիլեն Թուրքիոյ՝ խաղաղութեան, եղբայրութեան եւ զարգացման նպատակին հասնելու։ Մենք միասին ենք, մենք եղբայրներ ենք՝՝յայտնած է Թուրքիոյ վարչապետը Էրտողան։







All the contents on this site are copyrighted ©.