2010-11-01 13:11:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։


Երկուշաբթի մէկ Նոյեմբերի՝ կէսօրին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։
Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.
Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,
Այսօր, մէկ նոյեմբերին եկեղեցին կը ոգեկոչէ Ամենայն Սրբոց տօնը։ Մենք կ'երկրպագենք Աստուծոյ երեք անգամ սուրբ, այն անհուն բազմութեան հետ որ Քրիստոսի ետեւէն քալելով կը դիտեն Անոր փառքը եւ կը միջամտեն մեզի համար։ Սուրբերու օրինակին հետեւելով՝ հաստատ քայլերով ընթանանք սուրբերուն ճամբուն վրայ, հաւատքով, յոյսով ու սիրով, դէպի երկնային Երուսաղէմը։
Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի տօն։
Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքին աւարտին, Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ կիրակի իրիկուն ծանր մահափորձ մը կատարուեցաւ Պաղտատի կաթողիկէ ասորի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, որուն հետեւանքով սպաննուեցան տասնեակ հաւատացեալներ ու վիրաւորներ, որոնց կարգին երկու քահանաներ եւ խումբ մը հաւատացեալներ, որոնք Աստուծոյ տունը կը գտնուէին, տունը սիրոյ, ողորմութեան ու հաշտութեան։
Աղօթքս կը բարձրացնեմ այն անմեղ զոհերուն ու անոնց պարագաներուն համար։ Իմ մօտիկութիւնս կը յայտնեմ քրիստոնեայ համայնքին, որ կրկին անգամ թիրախ եղած է բռնութեան եւ կը քաջալերեմ եկեղեցւոյ հովիւներն ու հաւատացեալները որ յոյսի մէջ հաստատ մնան։ Անգամ մը եւս կ'ուզեմ իմ սրտայոյզ կոչը ընել խաղաղութեան ի խնդիր։
Խաղաղութիւնը Աստուծոյ շնորհքն է եւ միաժամանակ արդիւնքը բարի կամք ունեցող մարդոց, ազգային ու միջազգային հաստատութիւններուն։ Թող ամէնքը միացնեն իրենց ջանքերը վերջ դնելու ամէն բռնութեան։
Ամենայն սրբոց տօնին առթիւ, Հռոմի թեմի տեղապահը կարտինալ Ակոսդինօ Վալլիանի երեկոյեան ժամը 4-ին գլխաւորեց հոգեհանգստեան պատարագը Հռոմի գլխաւոր գերեզմանատան մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.