2010-11-01 12:59:53

Հայաստանեան Կարմիր Խաչը Պատրաստ է Գերիներու Փոխանակման։


Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Աշոտ Աստաբացեան ՝՝news.am՝՝ կայքէջի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ Հայաստանեան Կարմիր Խաչը կազմ ու պատրաստ է ազրպէյճանական կողմին հետ գերիներու փոխանակում կատարելու, միայն կը սպասէ, որ այս մասին տեղեակ պահուի։ ՝՝Այս հարցին մէջ մեր դերը միայն չէզոք միջնորդի դեր է ։ Մենք մարդասիրական անկախ կազմակերպութիւն ենք, ունինք մեր կանոնագիրն ու չէզոք միջնորդի կարգավիճակը՝՝ըսած է ան, աւելցնելով որ կարելի չէ գերիներու փոխանակման գծով ժամկէտի մը մասին խօսիլ։ Նշենք, որ Ազրպէյճանի մէջ այսօր կան պատերազմական 6 գերիներ եւ մէկ ընտանիք՝ 5 անձերէ բաղկացած։ Իսկ Հայաստանի մէջ կան 2 գերիներ եւ քաղաքացի մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.