Այսօր Նոյեմբեր 1-ին Կը Յիշատակուի Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման Վարդապետութեան 60-ամեակը
Մարիամ Աստուածածնայ Վերափոխման վարդապետութեան 60-ամեակի առթիւ հոկտեմբեր 29-ին Հռոմի
մէջ տեղի ունեցաւ համագումար մը ՜՜վերփոխեալ՝՝ տիտղոսով։ Աստուածածմայ Վերափոխումը կը
յիշատակուի Ե. դարէն սկսեալ։ 1950-ին՝ երջանկայիշատակ Պիոս ԺԲ. քահանայապետը զայն
հռչակեց իբր ճշմարտութիւն հաւատքի։ Այս ճշմարտութիւնը հաստատելու համար, եկեղեցին կը
հիմնուի Սուրբ Գիրքին եւ ծէսերու գրուածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ Քրիստոնեայ եկեղեցիներու
հնագոյն աւանդութիւններու վրայ։ Այս աւանդութիւնը Հայ եկեղեցւոյ մէջ ալ շատ հին է։ Մեր
հայրերը առած են զայն Երուսաղէմի եկեղեցիէն, երբ Ե. դարուն հայերենի թարգմանեցին անոր
ճաշոց-տօնացոյցը։