2010-10-31 14:10:57

Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ Կ՛ողջունեն Աստրախանի մէջ Նախագահներու Յայտարարութիւնը ։


Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ յայտնեց, որ Փարիզ կ՝ողջունէ Ռուսիոյ նախագահ Տիմիթրի Մետվետեւի նախաձեռնութեամբ Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ նախագահներու կատարած յայտարարութիւնը։ 27 հոկտեմբերին Աստրախանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ հանդիպումը, որուն իբրեւ արդիւնք հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն՝ ՝՝պատերազմական գերիներու վերադարձի եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման՝՝ վերաբերեալ։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ կը նշուի նաեւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը կրնայ լուծուիլ միայն երկխօսութեան միջոցով։
Իսկ ՝՝Ամերիկայի Ձայն՝՝ ձայնասփիւռի կայանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Քրաուլի 28 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներ՝ Սարգսեանի, Մետվետեւի եւ Ալիեւի համատեղ վերջին յայտարարութեան։ Քրաուլի նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՝ողջունէ կատարուած յայտարարութիւնը, որուն մէջ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը համաձայնութիւն կը յայտնեն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ միջազգային Կարմիր Խաչի կոմիտէի աջակցութեամբ պատերազմական գերիներու փոխանակում կատարելու եւ զոհերու աճիւնները վերադարձնելու։ Քրաուլի նշած է, որ համատեղ այս յայտարարութիւնը դրական զարգացում է, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հասնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ընթացիկ գործընթացին մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.