2010-10-31 14:10:22

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 31 հոկտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց իր գրասենեակի պատշգամէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Ղուկաս Աւետարանիչը յատուկ ուշադրութեամբ կը շոշափէ Յիսուսի գթութիւնը հանդէպ մեղաւորներուն։ Ան բազմաթիւ դէպքերը կը նկարագրէ ուր ի յայտ կու գայ Յիսուսի անհուն ողորմութիւնը։ Արդարեւ Աւետարանիչը կը մատնանշէ թէ Յիսուս աշխարհ եկաւ փնտռելու եւ փրկելու անոնք որոնք կորսուած են։ Աստուած, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, ոչ ոք կը մերժէ` ոչ աղքատը եւ ոչ ալ հարուստը բոլորին կու տայ կարելիութիւնը դարձի գալու, ապաշխարելու եւ փրկուելու։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաները աղօթելու ամենասուրբ Կոյս Մարիամին, որպէսզի Անոր նման փորձարկենք Քրիստոսի ներկայութիւնը մեր մէջ։ Յիսուսով կը կերպարանափոխուինք եւ իր սիրով կը վերանորոքուինք որպէսզի ուրիշներուն փոխանցենք Յիսուսի ողորմութիւնը եւ գթութիւնը։

Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքին աւարտին, Սրբազան Հայրը ըսաւ թէ շաբաթ օրը, 30 հոկտեմբեր Ռումանիոյ Օրատեա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երանացումը Աստուծոյ ծառայ Պօկտանֆի` նահատակ եպիսկոպոսին։ Երանացման ծիսակատարութիւնը գլխաւորեց կարտինալ Էրտօ։ Նոր երանելին թիրախը եղաւ համայնավար վարչաձեւին։ Ան չորս տարի չարչարանքէն ու քաշքանդումէն ետք ետք մահացաւ բանտին մէջ։ Գոհութիւն մատուցանենք Տիրոջ այս քաջ եւ նահատակ հովիւին համար, որ քալեց մինչեւ իր կեանքին վերջը գառն Աստուծոյ ետեւէն։ Թող Անոր կեանքի վկայութիւնը քաջութիւն տայ բոլոր անոնց որոնք հալածուած են Աւետարանի դատին համար։

Սրբազան հայրը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ Բարի շաբաթ մը։



իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.