2010-10-31 14:11:15

Հայազգի Նշանաւոր Դէմքեր։

Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան (1837-1884).
Հայ Դատի ջահակիր հեռատես Պատրիարքը.


Հոկտեմբեր 26ին, լրացաւ մահուան 126.րդ տարելիցը Հայաստանեաց Եկեղեցւոյ մեծանուն դէմքերէն Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի։
Հայ ժողովուրդի բազմադարեան պատմութիւնը մէկէ աւելի ճառագայթող հոգեւորական մեծութիւններ ունի Ներսէս անունով, որոնք ազգային մեր կեանքը առաջնորդած ու լուսաւորած են իրենց պայծառատեսութեամբ, ջանադիր վաստակով եւ առինքնող անհատականութեամբ։
Ներսէս անուն հայոց հոգեւոր մեծամեծներու համաստեղութեան մէջ, Մեծն Ներսէսի, Ներսէս Շնորհալիի եւ Ներսէս Աշտարակեցիի կողքին, անպայման իր բարձրադիր պատուանդանը ունի Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ներսէս Վարժապետեանը։
Ներսէս Վարժապետեան Պատրիարք անմահացաւ ոչ միայն Հայ Դատի պահանջատիրութեան ու Հայկական Հարցի քաղաքական լուծման դժուարին ու փշոտ ճանապարհին իր կատարած ներդրումով, այլեւ՝ հայոց ազգային-եկեղեցական կեանքի ղեկավարման իր ձեռնհասութեամբ եւ, մանաւա՛նդ, ժողովրդավարական օրինակելի վարքագծով։
Օսմանեան Կայսրութեան թաւագլոր անկումի ծայր աստիճան վտանգաւոր ժամանակաշրջանին, երբ ամբողջական փլուզման անխուսափելիութեան դէմ յանդիման թրքական ներքին ամրոցը ամէն գնով փրկելու ազգայնամոլութեան փարած էր սուլթաններու քաղաքականութիւնը՝ յատկապէս հայկական նահանգները հայութենէ պարպելու ու թրքացնելու մտասեւեռումով, Ներսէս Վարժապետեան ստանձնեց Հայոց Պատրիարքութիւնը 37 տարեկանին եւ քաջաբար բարձրացուց հայկական լայն ինքնավարութեան դրօշը։ Իր պատրիարքութիւնը նաեւ զուգադիպեցաւ հայոց ազգային զարթօնքի ծայր աստիճան զգայուն այն ժամանակաշրջանին, երբ ազգային-եկեղեցական մեր կեանքի ժողովրդավարական ղեկավարման մեծ շարժումը իր սկզբնական փուլը կը բոլորէր եւ ինքնահաստատման դժուարութիւնները յաղթահարելու հրամայականը կը դիմագրաւէր։

Յանուն ժողովրդավարականացման տարակարծութիւններու, վէճերու եւ հակադրութիւններու առօրեայ մը ստեղծուած էր Պատրիարքարանէն ներս եւ անոր շուրջ. ազգային ժողովականութեան կեանքը թատերաբեմ դարձած էր եկեղեցական թէ աշխարհական գործիչներու ամէնօրեայ մրցապայքարին.. անընդհատ Պատրիարք կը հրաժարեցուէր կամ կը փոխուէր՝ ժողովրդային քուէարկութեամբ Պատրիարքի ընտրութիւնը կատարելու եւ Պատրիարքի գործունէութիւնը հակակշռելու այլապէս առողջ սկզբունքին կիրարկումը ինքնանպատակ խաղի վերածելով։

Ահա ա՛յդ պայմաններուն մէջ, հակառակ երիտասարդ տարիքին Պատրիարքի պատասխանատուութեան կոչուելով, Ներսէս Վարժապետեան յաջողեցաւ իր ջանասիրութեամբ եւ հաղորդականութեամբ, լայնախոհութեամբ եւ հեղինակութեամբ, թէ՛ Պատրիարքարանի եւ թէ ազգային-ժողովականութեան կեանքը կայուն եւ համերաշխ հունի մէջ մտցնել եւ արդիւնաւէտ աշխատանքի մղել։ Իբրեւ այդպիսին եղաւ 1860ականներու Ազգային Սահմանադրութեան որդեգրումէն ետք ընտրուած Պոլսոյ Հայոց առաջին Պատրիարքը, որ անփոփոխ մնաց պաշտօնի վրայ մինչեւ իր վախճանումը։

Աւազանի անունը Պօղոս էր. իր անունն ու մականունը ժառանգած էր մեծ հօրմէն, որ ծանօթ երաժիշտ ու վարժապետ էր։ Ծնած էր 28 Յունուար 1837ին Խասքէօյ(Պոլիս)։ Ուշիմ եւ փայլուն աշակերտ եղած է իր թաղի Ս. Ներսէսեան դպրոցին մէջ։ 15 տարեկանին դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու հայրը՝ Ստեփանը։ Իբրեւ տան անդրանիկ զաւակը, հօր մահէն ետք, իր վրայ ծանրացաւ որբեւայրի մօր, փոքր քրոջ եւ երկու մանկահասակ եղբայրներուն ապրուստի հոգը։ 1853ին, 16 տարեկանին, ուսուցչութեան կոչուեցաւ իր թաղի դպրոցին մէջ եւ արդարացուց իր նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութիւնը։ 1855ին, ուսուցչական պաշտօնով տեղափոխուեցաւ Ադրիանուպոլիս, ուր արժանանալով առաջնորդին՝ Արիստակէս Եպիսկոպոս Ռափայէլեանի ուշադրութեան եւ հոգածութեան, 1858ին աբեղայ ձեռնադրուեցաւ եւ այդպէս սկսաւ հոգեւորական իր բեղուն ծառայութիւնը, որ յատկանշուեցաւ արժանաւորութեան վերելքով։

Մինչեւ 1884 Ներսէս Վարժապետեան արժանաւորապէս վարեց պատրիարքական պաշտօնը։ Բայց առողջական վիճակը փայլուն չէր, կը տառապէր շաքարախտէ, որ կտրեց բեղուն գործունէութեամբ յատկանշուած կեանքի թելը Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի, երբ տակաւին այնքա՜ն տալիք ունէր հայ ժողովուրդին։
Կիսաւարտ մնաց Գործը մեծարժէք հայ հոգեւորականին եւ ազգային գործիչին, որուն անունը անջնջելիօրէն կապուեցաւ Հայկական Հարցի ծագումին եւ Հայ Դատի պահանջատիրութեան առաջին քայլերուն՝ իբրեւ ջահակիրը հայ ազգային-ազատագրական շարժման հեռատես գաղափարաբանութեան։ Խրիմեան Հայրիկի հետ Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեան դարձաւ գաղափարական նախակարապետը Հայկական Ազատամարտին։







All the contents on this site are copyrighted ©.