2010-10-31 14:12:05

Գերապայծառ ֆիզիքելլան Կը Քննադատէ Եւրոպացի Մտաւորական Ընտրանի Դասակարգի Պատկանողները, Որոնք Կը Դրժեն ՜՜Քրիստոնէութիւնը` Որպէս Պ Պարտադիր Պայման Եւրոպայի Ըմբռնումին՝՝։


Նոր աւետարանութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ Գերապայծառ ֆիզիքելլան իր ցաւը յայտնած է որ՝ ՜՜ Եւրոպայի միաւորումի գործընթացքը արդէն սահմանուած է այս ընտրանի դասակարգէն առանց ՜՜ուղղակիօրէն՝՝ նկատի ունենալու քաղաքացիները, որոնք առաջին դերակատարներն են։

Գերապայծառ ֆիզիքելլան այս յայտարարութիւնը կատարեց դասխօսութեան մը ընթացքին, որուն նիւթն է ''Քրիստոնէական Եւրոպա մը''։

Կարգ մը խմբակներ, ըսաւ ան, կ'ուզեն կերտել Եւրոպա մը անկախ քրիստոնէութենէն, առանց նկատելու Եւրոպայի ժողովուրդներու մշակոյթներն ու ժառանգութիւնները։ Նման ՜՜մօտեցում՝՝ կ'ենթադրէ ՜՜խզում՝՝ անցեալի հետ։

Ասիկա մեծ սխալ մըն է։ Կարելի չէ եւրոպական ինքնութիւն մը կազմել լոկ միացեալ դրամով ու աշակերտթեան փոխադարձութեամբ։

Այս միջոցառումները վաւեր են եւ օգտակար, սակայն ոչ բաւարար, հարկ է ասոնց կցել մշակութային ծրագիր մը, որ կը յարգէ տարբերութիւնները։

Գերապայծառ ֆիզիքելլայի գնահատումով՝ Եւրոմիութեան ներկայ տագնապը հետեւանքն է ՜՜անհաղորդակցութեան՝՝ մշակոյթի, կրօնի եւ օրէնքի միջեւ, երեք հիմնական սկզբունքները քաղակրթութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.