2010-10-31 14:10:37

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունեց ԱՊՀ Լրագրողները։


Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 29 Հոկտեմբերին ընդունեց ԱՊՀ.ի երկիրներէն` Ռուսիայէն, Պիելոռուսիայէն, Ուկրանիայէն եւ Ղազախիստանէն, Հայաստան ժամանած խումբ մը լրագրողները, ուղեկցութեամբ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարար՝ Յասմիկ Պօղոսեանի եւ ԱՊՀ.ի երկիրներու լրագրողական միութիւններու դաշնակցութեան գլխաւոր քարտուղար Աշոտ Ջազոյեանի։

Վեհափառը ողջունեց լրագրողներու այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, որմէ ետք անոնց հնարաւորութիւն տրուեցաւ իրենց հետաքրքրող հարցերը ուղղել Վեհափառին։ Ի պատասխան այդ հարցումներուն Գարեգին Բ. անդրադարձաւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայի վիճակին, հոգեւոր կեանքին մէջ իրականացուող միջոցառումներուն եւ եկեղեցաշինական աշխատանքներուն, ու նաեւ Վրաց եկեղեցւոյ հետ յարաբերութիւններու։








All the contents on this site are copyrighted ©.